Քահանայապետական նշանակումներ Արեւելեան եկեղեցիներու
ժողովին համար։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երկու նոր խորհրդատուներ նշանակեց Արեւելեան եկեղեցիներու
ժողովին համար. գերապայծառ Քրիստօ Բրոյքով եւ գերյարգելի Միթրաթթօ վասիլ Հովերայ
Հայր
Մաթթէօ Ռիչիի ի պատիւ՝ հանդիսութիւններ։ Իտալիոյ Մաչերաթա մարզը մեծ հանդիսութիւններ
ծրագրած է կատարել յիսուսեան միաբան՝ հայր Մաթթէօ Ռիչիի ի պատիւ։ Ան եղած է Չինաստանի
մեծ առաքեալը։ Մաչերաթա թեմի առաջնորդին ուղղած նամակին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը
որակած է յիսուսեան այս հայրը, ՜՜այսօրուայ Եւրոպա-Չինաստան յարաբերութեան տիպար առաքեալը՝՝։
Այս արի յիսուսեան վարդապետը իր կեանքին երկար տարիները նուիրած է հիւսելով պտղաբեր
երկխօսութիւն մը Արեւելքի եւ արեւմուտքին միջեւ։
Միջկրօնական երկխօսութեան
խորհուրդի նախագահը կարտինալ Ժան Լուի Թոռան, ներկայիս Յորդանան կը գտնուի, մասնակցելու՝
Ամմանի միջկրօնական հաստատութեան ժողովին, 18 Մայիսէն 20-ը։ Ապա կարտիինալ Թոռան պիտի
խորհրդակցի միջին Արեւելքի միջկրօնական հարցերու խորհրդատուներու հետ, միշտ Յորդանանի
մայրաքաղաքին մէջ Մայիս 21-23։